2014-07-04 17:15:50

''Կարտինալներու Խորհուրդի 5-րդ Ժողովը''` Քահանայապետի մասնակցութեամբ։


Ուրբաթ, 4 Յուլիս 2014-ին, Մամուլին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը, Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին, յայտնեց
թէ այսօր վերջ կը գտնէ Վատիկանի մէջ գումարուած կարտինալական խորհուրդի հինգերորդ նիստը որուն իրեց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ու Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարտինալ Փարոլինը։
Յայտնենք թէ վերոյիշեալ ''կարտինալական խորհուրդը'' նշանակուած էր Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կողմէ, անցեալ 13 ապրիլ 2013-ին, որպէս ` Սրբազան Քահանայապետին, Եկեղեցւոյ կառավարութեան հայող հարցերու անձնական խորհրդատուներ եւ ''Քուրիայի սահմանադրութեան վերատեսութեան'' յանձնախումբ։
Նշենք թէ Կարտինալական ութեակ խորհուրդի նախորդ նիստերը տեղի ունեցած էին միշտ Վատիկանի մէջ, 1 – 3 Հոկտեմբեր 2013, 3 – 5 դեկտեմբեր 2013, 17-19 փետրուր 2014 եւ 27 – 30 ապրիլ 2014։Մինչ յաջորդ նիստերը նախատեսուած են` 15-17 սեպտեմբեր 2014, 9-11 դեկտեմբեր 2014 եւ 9-11 փետրուար 2015։
Խօսելով ժոովի ընթացքին շօշափուած նիւթերու մասին, Հայր Լոմպարտին յայնտեց թէ Կարտինալական խորհուրդը յատկապէս անդարադարձաւ ''ընտանիքի'' եւ ''աշխարհականներու'' դերակատարութեան հայող նիւթերուն։ Ան ապա մատնանշեց թէ ժողովներու ընթացքին կարեւոր որոշումներ չառնուեցան եւ թէ աշխատանքները պիտի շարունակուին յառաջիկային նախատեսուած հաւաքներու ընթացքին։

Յայտնենք որ Ֆրանչիսկոս Պապը երէկ` Հինգշաբթի, 3 յուլիսին ընունեց Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի նախագահ Կարտինալ Անճելօ Պանիասքոն մինչ վաղը` շաբաթ, 5 Յուլիսին, միօրեայ հովուական այցելութիւն կը կատարէ Իտալիոյ Քամբոպասսօ եւ Իզերնիայ թեմերուն որուն ծիրէն ներս հանդիպումներ կ՛ունենայ երիտասարդներուն, հիւանդներուն, բանտարկեալներուն եւ աղքատներուն հետ։ Հովուական այցելութեան առաթիւ Նորին Սրբութիւնը բացումը պիտի կատարէ նաեւ Չելէսթինօ Քահանայապետի ''Չելեսթինիան'' յոբելինական տարւոյն ու եզրափակելով իր հովուական այցելութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.